ՀԲԸՄ-ը Կը Յորդորէ Շարունակել Եկեղեցւոյ Ինքնավարութիւնը եւ Կը խրախուսէ Հաշտեցման Ուղղուած Երկխօսութիւնը
Մենք արդէն դիմած ենք աշխարհատարած հոգեւորական բարձրագոյն առաջնորդութեան, յստակօրէն զատորոշելու հոգեւոր առաջնորդութիւնը եւ քաղաքական գործունէութիւնը: Այժմ կը դիմենք Հայաստանի կառավարութեան, որպէսզի անոնք յարգեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անկախութիւնը եւ ինքնավարութիւնը: