October 02, 2025

Աւստրալիա Կատարած Իր Այցելութեան Ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան Կը Ծանօթանայ Շրջանի Համայնքներուն

  • Image
    Photo 6. Visit to Australia. Sydney.10.2.2025.png
    Հաճելի պահ մը՝ ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի մասնաճիւղի ընդունելութեան ընթացքին:

Օգոստոս 11-էն Սեպտեմբեր 7, ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան շարունակելով իր համաշխարհային շրջայցը ՀԲԸՄ-ի Շրջանակներուն եւ Մասնաճիւղերուն, առիթը ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու Մէլպուրնի եւ Սիտնիի աշխոյժ անդամակցութեան: Նախագահին կ'ընկերանային իր տիկինը Սիլվան, Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ Էլի Աքիլիան իր տիկնոջ Էլայի հետ, ինչպէս նաեւ Մասնաճիւղերու եւ Կեդրոնական Վարչութեան գործավար տնօրէն Նաթալի Գաբրիէլեան: Պատուիրակութիւնը իր Աւստրալիոյ ուղեւորութիւնը սկսաւ Մէլպուրնէն: 

Մէլպուրն Այցելութենէն Տպաւորութիւններ

ՀԲԸՄ-ի Մելպուրնի մասնաճիւղը, հիմնուած 1989-ին, կարեւոր դեր կատարած է տեղւոյն հայ համայնքի կազմաւորումին եւ միասնականութեան ապահովումին ուղղութեամբ: Հաւատարիմ իր առաքելութեան, մասնաճիւղը կը շարունակէ ունենալ իր յատուկ դրոշմը, շարք մը նախաձեռնութիւններով: Այդ գործունէութիւններուն մաս կը կազմեն ամէնամսեայ ընթրիքի երեկոները, երկար տարիներէ ի վեր գործող Նոր Ձայն եռամսեայ լրատուն եւ Յակոբ Պարոնեան Թատերախումբը, որ 1997-էն ի վեր բազմաթիւ թատրերգութիւններ բեմադրած է: Այս եւ այլ նախաձեռնութիւններ, կը դրսեւորեն մասնաճիւղին շարունակուող յանձնառութիւնը համայնքի մշակութային կեանքի հարստացումին եւ աշխուժացման ուղղութեամբ: 

Image
Photo 1. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png

Photo 1. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png
Caption
President Sam Simonian and the AGBU delegation with Rev. Fr. Khacher Harutyunyan, pastor of St. Mary’s Armenian Apostolic Church, representatives of AGBU Melbourne and the parish council.

Նախագահը եւ պատուիրակութեան  անդամները առիթ ունեցան ծանօթանալու համայնքային տարբեր հաստատութիւններուն, որոնք կը վկայեն թէ Մէլպուրնահայութիւնը կառչած կը մնայ իր արմատներուն, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային բոլոր մարզերու մէջ: Նախագահը եւ իրեն ընկերացող խումբի անդամները այցելեցին Սէյնթ Մէյրի'զ Հայ Առաքելական Եկեղեցին,  Ակինեան Հայկական Վարժարանը եւ Մեսրոպ Մաշտոց Մաթէոսեան Շաբաթօրեայ դպրոցը:

Image
Photo 3. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png

Photo 3. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png
Caption
The delegation during a tour of the AGBU Melbourne center.

Մէլպուրնի ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ Միութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպուած բարեգալուստի երեկոյթը, նախագահին այցելութեան ուշագրաւ հանգրուաններէն մին հանդիսացաւ: Ներկայ էին մօտ 150 հիւրեր՝ համայնքի ներկայացուցիչներ, նուիրատուներ եւ անդամներ: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիր Պերճ Չագըրեանի հանդիսավարութեամբ խանդավառ երեկոյթի ընթացքին, սրտաբուխ խօսքերով ելոյթ ուեցան մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Մարալ Չօրպաճեան եւ Սէյնթ Մէյրի'զ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Խաչէր Քահանայ Յարութիւնեան, որոնց յաջորդեց հայկական ժողովրդական պարերու համոյթ մը, կատարողութեամբ Ազատ Ղարիպեան Պարախումբին: 

Image
Photo 2. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png

Photo 2. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png
Caption
President Sam Simonian, Council of Trustees member Elie Akilian and Natalie Gabrelian, Director of Chapters and Central Board Administration, met with the YP Melbourne and AGBU Melbourne Youth committees.

Նախագահ Սէմ Սիմոնեան եւ իր ընկերակիցները շարք մը արդիւնաւոր հանդիպումներ ունեցան մասնաճիւղի Երիտասարդաց Յանձնախումբին եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու Խումբին հետ, կարծիքներ փոխանակելով եւ յետագայ ծրագիրներու շուրջ խորհրդակցելով: 

Այցելութիւնը աւարտեցաւ հրաժեշտի ընթրիքով մը, որուն ջերմ մթնլորտը արտայայտութիւնն էր համայնքի հիւրասէր եւ համերաշխ ոգիին: Իր խօսքին մէջ ատենապետուհին՝ Տիկին Չօրպաճեան նշեց՝ «Այս անցնող երեք օրերը ոգեւորիչ եւ ներշնչող էին մեզի համար: Ինչպէս խոստացանք ձեզի, մենք պիտի շարունակենք մեր յանձնառութիւնը ՀԲԸՄ-ի ջահը վառ պահելու՝ յաջորդ սերունդներուն համար:»

Image
Photo 4. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png

Photo 4. Visit to Australia. Melbourne.10.2.2025.png
Caption
President Sam Simonian and his delegation with AGBU Melbourne leadership at the welcome cocktail hosted by the Ladies’ Auxiliary.

Յատկանշական Պահեր Սիտնի Այցելութենէն

Շրջայցի երկրորդ հանգրուանը՝ Սիտնի, նոյնպէս սկսաւ տեղւոյն համայնքին կողմէ ջերմ ընդունելութեամբ մը: Այցելութիւնը սկսաւ ՀԲԸՄ-ի Ալէքսանտր Նախակրթարանէն, ուր նախագահին եւ իրեն ընկերացող խումբին համար սեղմ շրջանակի մէջ տեղի ունեցաւ նորակառոյց գրադարանի եւ լսատեսողական կեդրոնի նախաբացման եւ տնօրհնէքի արարողութիւնը: Խումբը այցելեց նաեւ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Կալսթաուն Գոլէճ-ը, իր զօրակցութիւնը ցուցաբերելով տեղւոյն  հայ կրթական հաստատութիւններուն: 

Միութեան Սիտնիի մասնաճիւղը, որ հիմնուած է 1965-ին, յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց, մասնակցութեամբ 100 հիւրերու, որոնց մաս կը կազմէին ղեկավարներ, բարերարներ եւ հոգեւորականներ: 

Image
Photo 5. Visit to Australia. Sydney.10.2.2025.png

Photo 5. Visit to Australia. Sydney.10.2.2025.png
Caption
President Simonian receives a warm welcome at the AGBU Alexander Primary School in Sydney.

Նախագահին այցելութեան առիթով, շարք մը կարեւոր հանդիպումներ ծրագրուած էին համայնքի բանալի անձնաւորութիւններու հետ: Խումբը հանդիպեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ատենապետ եւ ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի մասնաճիւղի երկար տարիներու երախտաշատ նախկին ատենապետ Վահէ Արթինեանին, Երիտասարդ Արհեստավարժներու Սիտնիի Յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի Մասնաճիւղի ներկայ վարչութեան հետ: Հանդիպում մը կայացաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զէլանտայի Թեմերու Առաջնորդ Գերաշնորհ Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանի եւ Թեմական Խորհուրդի եւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներուն հետ: 

Անդրադառնալով Նախագահի այցելութեան, ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի մասնճիւղի ատենապետ Միհրան Լէփէճեան իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց պատուիրակութեան ըսելով՝ «Մեր հանդիպումները եւ խորհրդակցութիւնները հաստատեցին, թէ մեր գործունէութիւնը համահունչ է մեր տեսլականին: Մենք երախտապարտ ենք, որ մաս կը կազմենք այն ուղեւորութեան, որ ՀԲԸՄ-ի համընդհանուր հզօրացումն է: Խանդավառ ենք ապագայով: Շնորհակալ ենք այս աշխարհամասին կատարած ձեր այցելութեան համար: Յանձնառու ենք շարունակելու մեր ծառայութիւնը մեր տեղական թէ միջազգային շրջանակներուն մէջ, միշտ հպարտ՝ սատարելու հայկական ժառանգութեան եւ մշակոյթի պահպանութեան եւ զարգացումին:»

Image
Photo 7. Visit to Australia. Sydney.10.2.2025.png

Photo 7. Visit to Australia. Sydney.10.2.2025.png
Caption
AGBU Alexander Primary School students celebrate excellence in education at the 35th Anniversary Concert.

Նախագահի այցելութեան կապակցութեամբ գլխաւոր ծրագիրը անկասկած Ալէքսանտր Վարժարանի 35-ամեակին նուիրուած համոյթն էր, որուն մաս կը կազմէին աշակետրներու մասնակցութեամբ շարք մը կատարողութիւններ: հիմնուած 1990-ին, ՀԲԸՄ-ի Ալէքսանտր Հայկական Նախակրթարանը, երկսեռ, անկախ, Անգլերէն-Հայերէն երկլեզու քրիստոնէական կրթական հաստատութիւն մըն է, որ իր համապարփակ հաւասարակշիռ կրթական ծրագրով, կը սատարէ իւրաքանչիւր աշակերտի մտաւոր, հոգեւոր, մշակութային եւ ֆիզիքական առողջ դաստիարակութեան եւ կազմաւորումին: Յայտագրի ընթացքին, դպրոցի Կրթական Յանձնախումբի անդամներէն Վահէ Պօյաճեան, առ ի գնահաանք իր երկար տարիներու ծառայութեան եւ դպրոցի զարգացումին ուղղութեամբ իր կատարած աշխատանքներուն, արժանացաւ Միութեան Պատուոյ Գնահատագրին, զորս իրեն յանձնեց Նախագահ Սէմ Սիմոնեան: 

Դպրոցի տնօրէն Մանուկ Տէմիրճեան, նշեց՝ «Այսօր, ՀԲԸՄ-ի Ալէքսանտր Նախակրթարանը կենդանի վկայութիւնն է իր հիմնադիրներու տեսիլքին: Անիկա այն վայրն է, ուր մանուկներ շրջապատուած են իրենց մրահորիզոնը ընդարձակող արդի կրթութեան լաւագոյն կարելիութիւններով: Կառուցենք աւելի մեծ եւ աւելի հզօր: Շարունակենք մեր ճիգերը ի գործ դնել աւելի եւս փայլուն ձեռքբերումներ իրականացնելու համար:»

Image
Photo 8. Visit to Australia. Sydney.10.2.2025.png

Photo 8. Visit to Australia. Sydney.10.2.2025.png
Caption
President Sam Simonian and his wife Sylva with AGBU Sydney leadership.

Նախագահ Սէմ Սիմոնեան հետեւեալ արտայայտութեամբ ամփոփեց իր այցելութենէն քաղած տպաւորութիւնները. «Մեր այս այցելութիւնը եւ այն ժամանակը որ անցուցինք Աւստրալիոյ հայ համայնքներուն հետ, աւելի քան ներշնչող եւ խանդավառիչ էին մեզի համար: Ըլլալով հեռաւորագոյնը մեր սփիւռքահայ համայնքներէն, այս շրջանի հայութիւնը խորապէս կառչած կը մնայ ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան՝ պահպանելու իրենց ինքնութիւնը եւ ծառայելու մեր ազգի բարգաւաճումին: Ասիկա յատկապէս կը դրսեւորուի յաջորդ սերունդներու կրթութեան եւ իբր ապագայ առաջնորդներ զանոնք տեսլականով եւ համապատասխան կարողութիւններով զինելու ճիգին առկայութեամբ: Մեզի համար իրապէս հպարտառիթ էր ականատես ըլլալ թէ որքան աշխոյժ, գործօն եւ ձեռներէց են մեր շրջանակի անդամները համայնքային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Այս այցելութիւնը նաեւ մեզի համար հաստատում մըն էր, թէ որքան ալ իրարմէ հեռու, մենք մէկ ենք մեր հասարակաց նպատակներով:»