February 26, 2025

Հ.Բ.Ը.Մ.-ը Կը Միանայ Հայ Մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Քաղաքական Հետապնդումը Դադրեցնելու Կոչին

Կոչ Միջազգային Հանրութեան

Որպէս համաշխարհային սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններ, ստորագրեալներս այսու կոչ կ'ուղղենք ձեզի անմիջական միջոցառումներու ձեռնարկել, դադրեցնելու համար Ազրպէյճանի քաղաքական հետապնդումը համաշխարհային ճանաչումի եւ յարգանքի արժանացած բարեսէր Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ:

Այսօր 18 ամիսներէ ի վեր ամենավատ պայմաններու տակ արգելափակուած Պրն. Ռուբէն Վարդանեան, որ 2020-ի պատերազմին եւ անոր յաջորդող շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան կողքին կանգնած ըլլալուն համար Ազրպէյճանի դէմ ոճրային արարք կատարած ըլլալու յանցանքով կը դատապարտուի, վերջերս հացադուլի դիմեց: Իր նպատակն է բարձրաձայնել Միջազգային անմիջական միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը, դադրեցնելու համար իր նկատմամբ արդար դատավարութեան միջազգայնօրէն ընդունուած մարդու տարրական իրաւունքի զլացումը:

Իր ընտանիքին հետ Պաքուի բանտէն կատարուած հեռաձայնային կարճ խօսակցութեան մը ընթացքին, 19 Փետրուար 2025-ին, Պրն. Վարդանեան նշած էր Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուող միջազգային չափանիշերով օրինական գործընթացի բացայայտ զանցառումները: Ան մատնանշած էր արդարադատութեան գործընթացի լուրջ օրինազանցութիւնները որոնցմով արատաւորուած էր իր դատավարութիւնը, ինչ որ կը հաստատէր թէ իր նկատմամբ հետապնդումը մէկ մասն էր աւելի լայն ծրագրի մը, որուն նպատակն է ոճրականացնել բոլոր այն հայերը որոնք զօրակցութիւն ցուցաբերած էին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) հայութեան:

Պրն. Վարդանեան նկարագրած էր արգելափակման տակ իր նկատմամբ ցուցաբերուած վատ վերաբերումը, թէ ինչպէս պարտադրած էին իրեն ստորագրել դատին վերաբերեալ կեղծուած փաստաթուղթեր, նաեւ զլացուած էր պաշտպանութեան համար պատրաստուելու իր իրաւունքը՝

նշելու համար միայն մի քանին այն միջոցառումներէն, որոնք Ազրպէյճան ի գործ կը դնէր անտեսելու համար իր մարդու իրաւունքը, իր դատապարտումը կատարուած իրողութեան վերածելու միտումով:

Ցաւալի է, որ հայ արգելափակեալներու նկատմամբ մարդու իրաունքներու լայնածաւալ խախտումներուն մասին Պրն. Վարդանեանին կողմէ ատենին միջազգային կազմակերպութիւններու եւ լրատուական միջոցներու ուղղուած կոչերը անպատասխան մնացած էին, աւելի ծանր հետեւանքներու յանգելով: Իր ներկայ հացադուլը ոչ միայն բողոք մըն է, այլեւ լրջագոյն զգուշացում մը՝ թէ շարունակուող լռութիւնը եւ յանձնառութեան բացակայութիւնը աելի եւս պիտի վատթարացնէ Ազրպէյճանի կողմէ անօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու կացութիւնը:

Մենք կոչ կ'ուղղենք ձեզի վճռական կեցուածք որդեգրելու Ալիյէւի վարչակարգին դէմ, պաշտպանելու համար արդարութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը, քանի դեռ ուշ չէ: Մեր ակնկալութիւնն է որ դուք պահանջէք՝

  • Արդարութիւն հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագրիներու նկատմամբ, որոնք ապօրինաբար արգելափակուած են Ազրպէյճանի կողմէ
  • Անմիջական եւ ամբողջական իրաւաքննութիւն Ռուբէն Վարդանեանին նկատմամբ ի գործ դրուող վատ վերաբերումին եւ արդար դատավարութեան իր մարդու իրաւունքի զլացման օրինազանցութեան շուրջ
  • Ապահովում դատական գործընթացի թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան՝ կարելի դարձնելով միջազգային դիտորդներու եւ օրինական ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը
  • Անյապաղ նախաձեռնութիւն՝ պարտադրելու համար Ազրպէյճանին, որ յարգէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, դադրեցնելով հայ քաղաքացիներու նկատմամբ քաղաքականօրէն միտուած հալածանքը

Յուսով ենք, որ ազդու միջոցռումներու կը ձեռնարկէք, այս անյետաձգելի խնդրին նկատմամբ: Մեծապէս կը գնահատենք եթէ այդ առնչութեամբ հաղորդակցութեան մէջ մնաք մեր հետ:

Յարգանօք՝

Armenian General Benevolent Union
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Afeyan Foundation
Աֆէեան Հիմնադրամ
“ARBANE” Pan Armenian Projects Foundation
«ԱՐԲԱՆԷ» Համահայկական Ծրագիրներու Հիմնադրամ
Armenian Relief Society
Հայ Օգնութեան Միութիւն
Aurora Humanitarian Initiative
Օրօրա Մարդասիրական Նախաձեռնութիւն
Aznavour Foundation
Ազնաւուր Հիմնադրամ
Fund for Armenian Relief
Հայ Օգնութեան Ֆոնտ
H. Hovnanian Family Foundation
Հ. Յովնանեան Ընտանեկան Հիմնադրամ
Orran
Օրրան
Teach For Armenia
Կրթութիւն Հայաստանի Համար
Tekeyan Cultural Association of the United States and Canada
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւն
The Armenian Defense Front
Հայկական Օրինապաշտպան Ճակատ
Tufenkian Foundation
Թիւֆէնքեան Հիմնադրամ
We Are Our Mountains
Մենք Ենք Մեր Սարերը