June 30, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.-Ը ԿԸ ՆՇԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԸ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ ԱՐՑԱԽԻ ԱՌԿԱՅ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

  • Image
    APRI Conference in session at Sciences Po, Paris.
    ԱՊՐԻ-ի խորհրդաժողովը Սիանս Փօ-ի մէջ, Փարիզ
  • Image
    President of the Regional Council of Hauts-de-France Xavier Bertrand, APRI keynote speaker.
    ԱՊՐԻ-ի պատգամաբեր Հո Տը Ֆրանսի շրջանային Նախագահ Զավիէր Պէրթրան
  • Image
    European Parliament member Nathalie Loiseau, APRI keynote speaker.
    ԱՊՐԻ-ի գլխաւոր բանախօս, Եւրոխորհրդարանի Անդամ Նաթալի Լուազոյ
  • Image
    Laurent Wauquiez, the president of the Auvergne-Rhône-Alpes Regional Council addresses guests at the Gala in Solidarity with the Armenian People at the Westin Paris Vendome.
    Օվէրնյը-Րհոն-Ալփ Շրջանային Յանձնաժողովի նախագահ Լորան Վաքիէզ կը խօսի ներկաներուն՝ Ուէսթը Փարի Վանտօմ-ի Արցախահայութեան Հետ Զօրակցութեան Երեկոյթի ընթացքին
  • Image
    AGBU leadership and distinguished guests at the Gala in Solidarity with the Armenian People. From Left: Hovhannes Guevorkian, Ara Toranian, Joseph Oughourlian, Laurent Wauquiez, Nadia Gortzounian, François-Xavier Bellamy, Hasmik Tolmadjian, Arnaud Ngatcha, Berge Setrakian, Stéphane Petrossian, and Camilio Azzouz.
    Երեկոյթին մասնակցող Հ.Բ.Ը.Մ.ի ընտրանի հիւրեր ձախէն աջ՝ Յովհաննէս Գէորգեան, Արա Թորանեան, Ժոզէֆ Ուղուրլեան, Լօրան Վազգէզ, Նատիա Գործունեան, Ֆրանսուա-Զավիէ Պէլլամի, Յասմիկ Տօլմաճեան Արնո Նկաչա, Պէրճ Սեդրակեան, Սթէֆան Պետրոսեան եւ Քամիլիօ Ազզուզ
  • Image
    AGBU Central Board members and AGBU France board members meet in Paris.
    ՀԲԸՄ Կենտրոնական վարչության և ՀԲԸՄ Ֆրանսիայի վարչության անդամների հանդիպումը Փարիզում

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը նշեց ֆրանսայի մէջ իր գործունէութեան 110-ամեակը, որ կը լրանար 2020-ին:  Նշումը կ'իրականանար ուշացումով, անցնող տարիներուն համավարակի եւ Արցախի հայութեան դէմ շղթայազերծուած մահաբեր պատերազմին պատճառով, որոնք ատենին ծանրակշիռ  խնդիրներու դիմագրաւումը առաջնահերթ դարձուցած էին:  Նշումը ի վերջոյ իրականացաւ Փարիզի մէջ երկօրեայ ձեռնարկներով, որոնք կ'ընդգրկէին խորհրդաժողովներ, պաշտօնական ընթրիքներ եւ խմբային գործունէութիւններ:  Այս առիթով,  մասնակիցներու  մեծաթիւ խումբ մը, աշխարհի տարբեր կողմերէն հաւաքուած էին Փարիզ: Համագումարը նպատակ կը հետապնդէր նաեւ Ֆրանսացի դիւանագէտներու եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի արժանաւոր բարերարներու մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծել, ապահովելու համար անոնց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը Արցախի մէջ յառաջ տարուող Միութեան մարդասիրական աշխատանքներուն:  Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Յանձնաժողովի ընտրութիւնը:

Շտապ Օգնութեան Հարուստ Աւանդ

1910-ին, Եգիպտոսի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.ի հիմնադրութենէն (1906) չորս տարիներ ետք, Միութիւնը Մարսէյի մէջ, Ֆրանսա,  կը ստեղծէր տեղւոյն իր առաջին մասնաճիւղը:  Յաջորդ տասնամեակներուն, Ֆրանսայի Հ.Բ.Ը.Մ.ը օգնութիւն պիտի հասցնէր հայութեան տագապի մատնուած հատուածներուն, յատկապէս 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք:  Հ.Բ.Ը.Մ.ի Համաշխարհային Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամ-ին շնորհիւ, տակաւին վերջերս, կարելի եղաւ օգնութիւն հասցնել աշխարհի տարածքին արտակարգ իրավիճակի մանուած հայ շրջանակներու: Սուրիոյ տագնապին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին (Լիբանան), եւ ապա Արցախեան Պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած ծանր կացութիւններուն ընդառաջ,  Միութիւնը մարդասիրական աջակցութիւն ընձեռեց, հասնելով տեղական կարիքներու: Այդ օգնութիւնը կ'ընդգրկէր սննդեղէն, անհրաժեշտ սարքեր, դեղօրայք եւ բժշկական միջոցներ, նաեւ կարգ մը պարագաներու՝ նիւթական աջակցութիւն կամ այլ օգնութիւն՝ ըստ պահանջի:

2022-ի Դեկտեմբերէն ի վեր, արցախահայութիւնը ամբողջական արգելափակման ենթարկուած է Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, զրկուած վառելանիւթէ, սննդեղէնէ եւ դարմանումի միջոցներէ:  Իր ունեցած պատրաստ միջոցներով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը բազմապատկած է իր ճիգերը, աջակցելու համար Արցախի վտանգուած հայութեան:

Իր ոգեշունչ պատգամին մէջ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահը շեշտեց Միութեան յանձնառութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ:  «...Որովհետեւ, Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար բարեսիրութիւնը ոչ միայն արժանիք է, այլեւ պարտականութիւն եւ նուիրում» ըսաւ ան:  «Եթէ ֆրանսահայութիւնը այսօր օրինակելի տիպար կը հանդիսանայ հաւասարակշիռ իքնութեան եւ տիպար քաղաքացիութեան, պատճառը ոչ միայն իր խիզախութիւնն ու տոկունութիւնն է, այլեւ զօրակցութեան ոգին, զորս Ֆրանսան գնահատանքի արժանացուց, Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեանները ընդգրկելով Պանթէոնէն ներս...այսօր, աւելի քան երբէք մեզի համար կարեւոր է մեր միասնականութիւնը, անհրաժեշտ է մեր ուժականութիւնը եւ կենսական է նուիրաբերումի ոգին...Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է թէ ապագան չի շնորհուիր այլ ձեռք կը բերուի: Յառաջիկայ 110 տարիներուն նոյնպէս, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ գոյատեւել ապագայ սերունդներով, որոնք բարձր պիտի պահեն իր առաքելութեան ջահը: Հայաստանի եւ Արցախի ապագան մեր պայքարի ոգիով պայմանաւորուած է» (ամբողջական պատգամը անգլերէն կամ ֆրանսերէն, կարելի է կարդալ այստեղ)

Յոբելինական Ձեռնարկներ

Նշելու համար պատմական այս հանգրուանը, կազմակերպուած էին երեք գլխաւոր միջոցառումներ: Խորհրդաժողով մը, նուիրուած Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Երիտասարդ Արհեստավարժնրու յատուկ երեկոյթ մը եւ հայ ժողովուրդի զօրակցութեան նուիրուած պաշտօնական ընթրիք մը, ուր ներկայ էին հայութեան բարեկամ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Յունիս 23-ին տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, «Հայաստանը Խաչմերուկի Առջեւ – Խաղաղութիւն եւ Բարգաւաճում՝ Եւրոպայի Եզրին» խորագրով, կազմակերպուած Ֆրանսայի Հ.Բ.Ը.Մ.ին եւ ԱՊՐԻ Հայաստան (APRI Armenia – Applied Policy Research Institute)-ին կողմէ, Ֆրանսայի Հանրային Համալսարանի Սիանս Փօ (Sciences Po) գիտական հետազօտութիւններու միջազգային բարձր համարում վայելող կեդրոնին մէջ:  Առաւօտեան քննարկումներու Գլխաւոր բանախօսն էր՝ Եւրոխորհրդարանի անդամ եւ Ապահովութեան եւ Պաշտպանութեան Ենթայանձնախումբի Ատենապետ Նաթալի Լուազոյ:

Ներկայ էր նաեւ Հո տը Ֆրանս-ի Շրջանային Յանձնաժողովի Նախագահ Սավիէ Պէրթրան, որ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ռազմավարական գործընկերութեան մասին:   «Այսօր Արցախէն հեռանալը կը նշանակէ վաղը լքել Հայաստանը: Եթէ ձգենք Արցախը, ջարդ տեղի պիտի ունենայ: Պէտք է գիտակցինք այս իրողութեան: Պէտք է ցոյց տանք թէ միայն Ուքանիոյ մէջ չէ որ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կ'ունենան:  Կը խօսինք նաեւ ցեղային  զտման մասին: Ուշադիր պէտք է ըլլալ որպէսզի հայաստանը իր հողատարածքէն կորուստ չունենայ, այլապէս ան ոտնձգութիւններու ենթակայ պիտի դառնայ ապագային»:

Առաւօտեան նիստին խօսողներու շարքին էին՝ Ֆրանս 24-ի միջազգային իրադարձութիւններու մեկնաբան Արմէլլ Քարրիէ, Սորպոն Նուվէլ Համալսարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու եւ Եւրոպական ուսումնասիրութեան բաժնի դասախօս Բէնիամին Պօղոսեան, ԱՊՐԻ Հայաստան-ի (Կիրարական Քաղաքականութեան եւ Հետազօտութեան Կեդրոն)  երէց գիտաշխատող Արանչա Կոնզալէզ Լայա, Եւրոպական Միութեան եւ Սպանիոյ համագործակցութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Սիանս Փօ, Դէսպան Ժագ Ֆօր, Ուքրանիոյ մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպանը, նաեւ Մինսք -ի խումբի նախկին փոխ-ատհնապետը:

Յետ միջօրէի նիստը գլխաւորաբար անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կայուն հողամշակումի, փոխակերպող ճարտարարուեստներու եւ վերամշակելի ուժանիւթի խնդիրներուն: Կը մասնակցէին խումբ մը գործարարներ, որոնց շարքին՝ Նայիրեան մորթի գեղեդկագիտական կեդրոնի Հետազօտութեան եւ Արդիւնաբերութեան բաժնի (R&D) հիմնադիր տնօրէն Անահիտ Մարկոսեան, Զուլալ գինեգործական հիմնարկի հիմնադիր սեփականատէր եւ Քէօշ-ի վարիչ տնօրէն Այմի Քէօշկէրեան եւ ԱրՄաս գինեգործական հաստատութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ համա-հիմնադիր Վիքթօրիա Ասլանեան:  Անոնցմէ իւրաքանչիւրը խօսեցաւ իր փորձառութեան եւ յաջողութեան գաղտնիքներուն մասին:  Անոնք նաեւ բացատրեցին թէ ինչպէս կը սատարէին Հայաստանի տնտեսական եւ առեւտրական մարզի զարգացման եւ բնական կենսոլորտի պահպանումին, երկիրը աւելի ուժեղ եւ կենսունակ դարձնելու համար:  Հայաստանի առաջատար ճարտարարուեստներու փոխ-նախարար Գէորգ Մանթաշեան նոյնպէս ներկաները իրազեկեց այդ մարզի ներկայացուցած կարելիութիւններուն մասին:

Նոյն օրը երեկոյեան, Արհեստավարժներու Գիշեր  մը կազմակերպուած էր Փարիզի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արհեստավարժներու Յանձնախումբին կողմէ, Մոննէ Տը Փարի-ի աշխարհահռչակ ճաշասրահին մէջ, ուր ներկայ էին 120 երիտասարդներ Եւրոպայի տարբեր շրջաններէն:

Արցախահայութեան Հետ Զօրակցութեան Փառաշուք Ընթրիք-ը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 24 Յունիսին, Ուէսթըն Փարի Վանտօմ-ի մէջ: Ներկայ էին 200-է աւելի մասնկիցներ:  Գլխաւորութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ Միութեան Բարեկամներ, յարգանքի տուրք մատուցեցին բարձրաստիճան քաղաքական գործընկերներու՝ Եւրո Խորհրդարանի անդամ եւ Եւրոխորհրդարանի Ապահովութեան եւ Պաշտպանութեան Ենթայանձնախումբի Ատենապետ Նաթալի Լուազոյ, Իլ Տը Ֆրանս Շրջանային Յանձնաժողովի Նախագահ Վալէրի Փէքրէս-ի, Օվէրնյը-Րհոն-Ալփ Շրջանային Յանձնաժողովի նախագահ Լորան Վաքիէզ-ի եւ Փարիզի Քաղաքապետ Անն Հիլտակոյ-ի, զորս կը ներկայացնէր Փարիզի Փոխ-քաղաքապետ եւ Եւրոպայի եւ Միջազգային Ֆրանսախօս Շրջանակներու Վերաբերեալ Գործերու Վարիչ Արնո Նկաչա:  Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ նախաձեռնութեանց վերաբերեալ անոնց շարունակական աջակցութեան համար: Իրենց կարգին, անոնք անդրադարձան առկայ տագնապի խնդիրներուն, պարզելով իրենց տեսակէտները:

Օվէրնյը-Րհոն-Ալփ Շրջանային Յանձնաժողովի նախագահ Լորան Վաքիէզ-ի խօսքերով «Արդեօ՞ք Ազէրի յարձակումը աւելի ընդունելի է քան Ռուսականը, կամ Ազէրի կազը աւելի ձեռնտու է քան Ռուսականը, արդեօ՞ք Արցախի հողատարածքը նուազ անձեռնմխելի է եւրոպական մամուլին աչքին քան Տոնպասը, Հայ արիւնը նուա՞զ արժէքաւոր է քան Ուքրանականը, պէ՞տք է այս խաղաղութիւնը պարտադրուի Հայաստանին իրենց բախտին ձգելով 120,000 ձեր հայրենակիցները, որոնք միջանցքին միւս կողմը կ'եթարկուին անմարդկային շրջափակման որուն նմանը երեւակայելի չէ կը խորհէինք 21-րդ դարուն»:

Եւրոխորհրդարանի անդամ Նաթալի Լուազոյ  իր կարգին կը նշէր՝ «Ինծի համար այլեւս տանելի չէ լսել դիւանագիտական յայտարարութիւններ որոնք կարծես աուեստական բանականութեամբ խմբագրուած ըլլան՝ շարունակ կրկնելով նոյն յանկերգը՝ երկու կողմերու ինքնազսպումի թելադրանքով: Ես տակաւին կրնամ զատորոշել յարձակողը եւ յարձակման ենթարկուածը: Ես կրնամ հաստատել ակնյայտ իրականութիւնը՝ թէ Ազրպէյճան կը ռմբակոծէ Հայաստանը: Ես տակաւին կարող եմ յայտարարել թէ մինչ Ազրպէյճան կը շարունակէ ռմբակոծել Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, Ռուս խաղապահները ներկայ են եւ ձեռնածալ կը մնան»:

Իսկ Փարիզի շրջանային նախագահՎալէրի Փէքրէսս կ'աւելցնէր՝ «Իրատեսական դիւանագիտութիւնը ունի իր սահմանները: Անով կարելի չէ արդարացնել ամէն ինչ: Չի նշանակեր թէ պէտք է լուռ կենալ պարզապէս անոր համար որ Ազրպէյճանի ճամբով եկող կազը անհրաժեշտ է Եւորպայի համար ... Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը ժողովրդավարութեան սահմանապահներն են տարածաշրջանի մը մէջ երբ միապետական, նոյնիսկ բռնատիրական պետութիւններ անկաշկանդ կը տիրապետեն ... ինծի համար պաշտպանել Հայաստանը կը նշանակէ պաշտպանել Եւրոպան, մարդկային արժէքները, մեր հասարակաց արժէքները»:

Եւրոպայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Շրջանակային Նոր Յանձնաժողովը

Շաբաթ 24 Յունիսին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ֆրանսայի Վարչական Ժողովի անդամները հանդիպեցան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուեցան Միութեան Եւրոպայի, Հայաստանի եւ համընդհանուր գործունէութեան մասին զեկոյցներ: Սթէֆան Պետրոսեան, Նատիա Գործունեանի կողքին համանախագահ նշանակուեցաւ Ֆրանսայի Հ.Բ.Ը.Մ.ին: Քամիիլօ Ազզուզ նշանակուեցաւ Եւրոպայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ:

Արցախի ուղղուած մարդասիրական օգնութեան ճիգերուն ի նպաստ ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք յղել Հ.Բ.Ը.Մ.ի Համաշխարհային Շտապ Օգութեան Հիմանադրամ-ին՝ https://agbu.org/global-relief հասցէով: