November 27, 2024
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի Այցը Հարաւային Ամերիկայի Հայ Համայնքներուն Ամրապնդեց Հաղորդակցական Կապերը Եւ Խթանեց Նորարար Նախաձեռնութիւններ

  • Image
    South America trip Buenos Aires 1
    Gathering of AGBU Buenos Aires committees at AGBU Center, Buenos Aires
  • Image
    South America trip Buenos Aires 2
    Sam Simonian with youth from Liga de Jóvenes and General Antranik Scouts at AGBU Center, Buenos Aires
  • Image
    South America trip Buenos Aires 3
    Sam Simonian with representatives of AGBU Cordoba, Buenos Aires
  • Image
    South America trip Buenos Aires 4
    Simonian delegation and AGBU Uruguay representatives with Armenian Ambassador to Uruguay at Embassy, Montevideo
  • Image
    South America trip Buenos Aires 5
    Simonian delegation, committee members, and Erevan 50 Scouts at AGBU Center, Montevideo
  • Image
    South America trip Buenos Aires 6
    Delegation and AGBU Brazil representatives with Diocesan Primate Bishop Narek Berberian at Armenian Cathedral of St. George, São Paulo
  • Image
    South America trip Buenos Aires 7
    Delegation at welcome lunch with Armenia’s Youth Chess Team, São Paulo

12 Նոյեմբեր 2024-ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նորընտիր նախագահ Սէմ Սիմոնեան աւարտեց Միութեան կրթական, մշակութային եւ ընկերային զարգացման ծրագիրներուն ուղղութեամբ մասնաճիւղերու գործունէութիւնը քաջալերելու նպատակով՝ Հարաւային Ամերիկայի գլխաւոր քաղաքներ կատարած իր այցելութիւնը:  Ասիկա առաջին հանգրուանն էր Միութեան աշխարհատարած շրջանակները եւ մասնաճիւղերը անձամբ այցելելու եւ ղեկավարութեան հետ կապերը սերտացնելու նախագահին նախաձեռնութեան, որ ան խոստացած է իրականացնել յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին: 

Պուէնոս Այրէս (Արժանթին), Մոնթէվիտէօ (Ուրուկուէյ) եւ Սան Փաօլօ (Պրազիլ) քաղաքներ իր այցելութեան ընթացքին, Սէմ Սիմոնեան եւ իր տիկինը Սիլվան, ինչպէս նաեւ իրենց ըկերացող պատուիրակութեան անդամները՝ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ Էլի Աքըլեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լենա Սարգիսեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ռազմավարական Ծրագրումի Խորհրդատու Յանձնախումբի անդամ Սեւան Սիմոնեան եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու ղեկավար Քրիսթինա Լալամա, հանդիպումներ ունեցան տեղական եւ միութենական անդամներու հետ: 

Իր այցելութիւններու ծրագրին մասին արտայատուելով, Նախագահ ՍԷմ Սիմոնեան նշեց՝ թէ «Միութեան նախագահներու լաւագոյն աւանդութիւններէն է անդամակցութեան հետ սերտ կապերու պահպանումը: Անձնապէս, ինծի համար կարեւոր է իւրաքանչիւր շրջանակի մեր անդամներուն եւ պատասխանատուներուն հետ հանդիպիլ իրենց անմիջական շրջապատին մէջ, հասկնալու համար տեղական պայմաններու ընձեած կարելիութիւնները ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ասիկա նաեւ առիթ կը հանդիսանայ քաջալերելու զիրենք եւ հաստատելու մեր զօրակցութիւնը, ոչ միայն իրենց տեղական ծրագրիներու եւ ձգտումներու իրականացումին ուղղութեամբ, այլեւ մղելու զիրենք որպէսզի մասնակից դառնան եւ իրենց ներդրումը բերեն Միութեան համընդհանուր առաքելութեան եւ տեսլականին: Ժամանակն է, որ մենք գիտակցինք մեր շուրջ կատարուող իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն, համապատասխան կերպով հունաւորելու համար Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախապատուութիւնները:» 

Այցելութիւն Արժանթին

Պուէնոս Այրէսի մէջ, Սէմ սիմոնեան դիմաւորուեցաւ Արժանթինեան կառավարական պատասխանատուներու եւ միութենական ղեկավարներու կողմէ: Իր հանդիպումներուն ընթացքին ան շեշտեց տեղական մշակութային ծրագիրներու, հայկական վարժարաններու եւ երիտասարդական գործունէութիւններու կարեւորուոթիւնը: Ան բարձր գնահատեց համայնքի ազգային ոգին եւ նուիրուածութիւնը, նաեւ ինքնութեան սատարող անոր աշխոյժ գործունէութիւնը:

Այցելութիւնը կը զուգադիպէր Միութեան Մարի Մանուկեան Կրթական Հիմնարկի 50-ամեակի նշումին, ինչ որ առիթ ընձեռեց պատուիրակութեան մասնակցելու այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:  Պուէնոս Այրէսի Քաղաքապետ Խորխէ Մաքրի, որ ներկայ էր տօնակատարութեան, իր ելոյթին մէջ նշեց ըսելով՝ «Դուք հայերըդ, յաճախ երախտագիտութիւն կը յայտնէք Արժանթինին, որ գրկաբաց ընդունած էր ձեր նախնիները, առիթ ընծայելով անոնց որ ընդգրկուին եւ շաղուին տեղական կեանքին մէջ: Սակայն ես կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայ համայնքին, որ իր նկատառելի բաժինը բերած է Արժանթինի այսօրուան դիմագիծի ձեւաւորումին:»

Արժանթինի մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան մաասնաճիւղի ղեկավար մարմիններուն, որոնց շարքին Մարի Մանուկեան Կրթական Հիմնարկի պատասխանատուներու հետ, քննարկելով ուսումնական ծրագրի եւ կրթական նորագոյն զարգացումներու վերաբերեալ նիւթեր: 

Կրթական մարզի մասնագէտ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Տիկին Լենա Սարգիսեան, Հանդիպեցաւ ՄարիՄանուկեան Երկրորդական Վարժարանի Տնօրէն Մարքօ Մարթինի, մանակապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու վարիչ Անա Սալկատօի, ընդհանուր տնօրէն Խուան Պալեանի, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմի եւ կրթական յանձնախումբի անդամներուն հետ: 

Տիկին Լենա Սարգիսեան իր հանդիպումներու լոյսին տակ, որոնք մեծապէս արդիւնաւոր կը նկատէր, նշեց՝ թէ «Դպրոցին կողմէ որդեգրուած երեք գլխաւոր նախապատուութիւննրը որոնց  լրջօրէն հետամուտ էին դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ պատասխանատուները, կը վերաբերէին նախ եւ առաջ աշակերտներուն անգլերէն լեզուի սահուն տիրապետումին: Անոնք կարեւոր կը նկատէին նաեւ ստեղծարար ճարատարագիտութեան առաւելագոյն ներառումը ուսումնական ծրագրի գործադրութեան մէջ:  Ինչ կը վերաբերի աշակերութեան թիւին, ծրագիրը 100 նոր աշակերտներ աւելցնել էր դպրոցին մէջ:»  Տիկին Սարգիսեան իր կարգին տեղեկացուցած էր, թէ Կեդրոնական Վարչութեան նպատակն է, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ի իւրաքանչիւր կրթական հաստատութիւն հասնի այնպիսի մակարդակի, որ ունենայ կառավարելի տնտեսական կայունութիւն, ուսումնական բարձր արդիւնաւորութիւն եւ մասնակցութիւն համայնքային կեանքին: 

Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, ներկայ գտնուեցաւ Մարի Մանուկեան Կրթական Հիմնարկի Հայերէն նիւթերու եւ համակարգիչներու ծրագրաւորումի դասընթացքներուն եւ մտերիմ զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Նախագահը եւ իրեն ընկերացող խումբի անդամները այցելեցին նաեւ դպրոցի շրջանավարտ աշակերտներու ստեղծագործութիւններու նկարչական ցուցահանդէս մը: Սկաուտներու եւ մարզական խումբերու հետ իր հանդիպումի ընթացքին, նախագահը մասնակցեցաւ անոնց ոտնագնդակի խաղին: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնէն ներս, որ համայնքին ծանօթ է իր եռուն գործունէութեամբ, նախագահը ժողով մը ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պուէնուս Այրէսի գործադիր վարչութեան ատենապետ Անթօնիօ Սարաֆեանին եւ իր վարչական կազմի անդամներուն հետ: Այդ ժողովին նախորդած էր Երիտասարդական Լիկայի (Liga de Jovenes), Անդրանիկ Զօրավար Սկաուտական Խումբի եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու Խումբի պատասխանատուներուն հետ հանդիպում մը: 

Երեկոյեան պատուիրակութիւնը հիւրը եղաւ Կեդրոնի աւանդական ընթրիքին, համայնքի հայ թէ օտար ընտրանի շրջանակներուն եւ զբօսաշրկներուն ծանօթ, Restaurant AGBU in Villa Crespo-ի մէջ, որ կը գործէ 47 տարիներէ ի վեր եւ որուն հայկական տոհմիկ ուտելիքներու պատրաստութիւնը եւ մատուցումը կը կատարուի Մարի Մանուկեան Դպրոցի աւարտական կարգի աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն մասնակցութեամբ: Անոր հաոյթը կը յատկացնուի աւարտական կարգի աշակերտներու տարեկան Հայրենիք այցելութեան ծախսերուն: 

Կրթական եւ միութենական յանձնախումբերու պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներուն առընթեր, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան տեսակցութիւններ ունեցաւ հայ թէ օտար տեղական յայտնի անձնաւորութիւններու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու շարք մը պատասխանատուներու հետ:  Ան հանդիպեցաւ Արժանթինի գործարարական մարզի ամենաազդեցիկ դէմքերէն բարերար Էտուարտօ Էօրնրէքեանի եւ անոր եղբօրորդիներուն Մարթինի եւ Հիւկօի հետ: Սիմոնեան տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական Կառոյցներու պատասխանատուներու հետ:  Դիւանագիտական անձնաւորութիւններու շարքին ան հանդիպեցաւ Արժանթինի մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Մարք Սթէնլիին եւ Հայաստանի Դեսպան Յովհաննէս Վիրապեանին հետ եւ այդ օրերուն Հայաստանէն Արժանթին այցելող Սփիւռքի Բարձր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին հետ: Նախագահը ներկայ գտնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արժանթինի մասնաճիւղի մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին:  Այս այցելութեան առիթով, Սէմ Սիմոնեանը եւ իր ազնիւ տիկինը Սիլվան անձամբ ողջունելու համար,Միութեան Գորտոպայի  մասնաճիւղի ղեկավարութէնէն ներկայացուցչական մարրմին մը, տեղւոյն Երիտասարդական Լիկայի եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու նորակազմ խումբի անդամներու ընկերակցութեամբ, երկար ճամբայ կտրելով հասած էին Պուէնոս Այրէս, շրջանէն ներս երիտասարդական շարժումը քաջալերելու ուղղութեամբ միջոցառումներու շուրջ խորհրդակցելու նպատակով:

Այցելութիւն Ուրուկուէյ

Մոնթէվիտէօ հասնելէն անմիջապէս ետք, միութեան ղեկավարները այցելեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ուրուկուէյի կեդրոնը եւ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Ուրուկուէյի Հանրային Կրթութեան Ազգային   Տնօրէնութեան հետ, որուն ընթացքին Սիմոնեան, Սարգիսեան եւ Աքըլեան, հանդիպեցան հանրային կրթութեան լեզուական բաժնի տնօրէն Ալտօ Րոտրիկէզի հետ, որ ներկայացուց  Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հանրային Կրթութեան Տնօրէնութեան համատեղ նախաձեռնութիւնները, որոնց արդիւանաւէտութիւնը աւելցնելու ուղղութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ուրուկուէյի մասնաճիւղը գնահատելի ջանքեր ի գործ կը դնէ: 

Ուրուկուէյի հայ համայնքը ազդեցիկ ներկայութիւն մըն է երկրին մէջ, յատկապէսհայ լեզուի ուղղութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղին նախաձեռնութեան շնորհիւ: Առ այսօր,  երկրի ազգային կառավարութիւնը հայերէն լեզուի ուսուցոմը ներառած է կրթական ծրագրին մէջ, հրատարակելով համապատասխան դասագիրքեր Լոյս եւ Արմէն խորագրով:

Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Ուրուկուէի մանաժողովի անդամներուն հետ, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Խօսէ Կէօզուգարայանի, որուն յաջորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին՝ Մարիամ Գէորգեանին հետ հանդիպում մը, դեսպանատան մէջ:

Այցելութիւն Պրազիլ 

Նախագահ Սէմ Սիմոնեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը Հանդիպեցան Պրազիլի Թէմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեանի հետ եւ այցելեցին Ս. Գէորգ Տաճարը եւ տեղւոյն հայկական վարժարանը: Ապա անոնք մասնակցեցան բարեգալուստի յատուկ ճաշի մը, որուն ներկայ էին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պրազիլի մասնաճողովի անդամները եւ Հայաստանի Ճատրակի Երիտասարդական Խումբի անդամները, որոնք Պրազիլ կը գտնուէին մասնակցելու համար Ճատրակի Միջազգային Ֆէտէրէյշընի (FIDA) ախոյանական մրցաշարքին: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պրազիլի մասնաճիւղը յատուկ ընթրիք մը կազմակերպած էր ի պատիւ Նախագահ Սէմ Սիմոնեանին:  Ընթրիքին ներկայ էին Պրազիլի Միութեան եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու  յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Պրազիլի Հայաստանի Դեսպան Արմէն Եկանեան եւ Սան Փաուլօ Նահանգի Գիտութեան, Ճարտարարուեստի եւ Նորարարութեան Նախարար Վահան Ակոբեան:  Այցելութեան վերջին օրը, պատուիրակութիւնը այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնը եւ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ մասնաճիւղի Ատենապետ Աւետիս Մարկոսեանի եւ վարչական անդամներուն հետ, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին գործունէութեան ապագայ կարելիութիւններ:

Հարաւային Ամերիկայի իր այցելութեան բոլոր տեւողութեան, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան իր գնահատանքը յայտնեց տեղական համայնքներու աշխոյժ գործունէութեան եւ անոնց ցուցաբերած անխախտ զօրակցութեան համար:  Ան նաեւ շեշտեց Միութեան համընդհանուր ծրագիրներուն աջակցելու կարեւորութիւնը եւ անոնց արդիւնաւորութեան նպաստող ճարտարագիտական միջոցներու օգտագործումին անհրաժեշտութիւնը:  Անդրադառնալով Հ.Բ.Ը.Մ.ի մշակած STEAM (Գիտութիւն, Ճարտարագիտութիւն, Ճարտարապետութիւն, Արուեստ եւ Թուաբանութիւն) կրթական եւ թուայնական ծրագիրներուն, Նախագահը շեշտեց հաղորդակցական եւ նորարարական հարթակներու ընձեռած առաւելութիւնները՝ աշխարհատարած հայ երիտասարդութիւնը իրարու հաղորդակից դարձնելու ուղղութեամբ: 

Տպաւորութիւններ եւ Գնահատանք

Միացեալ Նահանգներ իր վերադարձին, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան իր գնահատանքը յայտնեց տեղական շրջանակներուն, որոնք հիւրընկալած էին զինք եւ իրեն ընկերացող միութենական պատասխանատուները, այցելութիւնը դաձնելով խորապէս ներշնչող եւ արդիւնաւոր: «Լատին Ամերիկայի հայ համայնքներուն կատարած մեր այս այցելութիւնը, արտայայտութիւնն էր աշխարհատարած տեղական շրջանակները քաջալերելու եւ անոնց զօրակցելու Միութեան երկարամեայ աւանդութեան: Այցելութեան ընթացքին ցուցաբերուած խանդավառութիւնը, աշխուժութիւնը, հոգածութիւնը եւ տաղանդներու առկայութիւնը, կրկին անգամ կը հաստատեն, թէ երբ լաւ ծրագիրներ կը մղուին համախոհութեան եւ ապագայի հասարակաց տեսլականով, հոյակապ իրագործումներ կը կատարուին: Մենք խորապէս շնորհակալ են մեզի հանդէպ ցուցաբերուած ջերմութեան, հիւրընկալութեան եւ բարեկամեցողութեան համար:  Մեզի համար յիշատակելի փորձառութիւն մըն էր այս, որ կը ծրագրենք կրկնել հետագային եւս:»