October 14, 2022
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 92-րդ Ընդհանուր ժողովը Գումարուեցաւ Հայաստանի Մէջ՝ Ի Խորհրդանշութիւն Միասնականութեան Եւ Տոկունութեան

  • Image
    General Assembly delegates and guests at the new Pontifical Residence
    Ընդհանուր ժողովի պատուիրակները եւ հիւրերը Վեհարանի մէջ:
  • Image
    (From L to R) RA President Vahagn Khachaturyan, AGBU President Berge Setrakian, and His Holiness Karekin II at the AGBU Armenia Headquarters
    Ձախէն աջ՝ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայաստանի Կեդրոնին մէջ:
  • Image
    Official session of the AGBU 92nd General Assembly emceed by AGBU Central Board Member Arda Haratunian
    Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 92-րդ Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական նիստը, զոր կը վարէր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Արտա Յարութիւնեանը:
  • Image
    Anita Anserian, recognized with the AGBU Presidential Award for her 35 years with the organization
    Անիթա Անսըրեանը կ՚արժանանայ «Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահի Մրցանակ»-ին:
  • Image
    Open dialogue with His Holiness Karekin II moderated by AGBU Central Board Member Sarkis Jebejian
    Բաց երկխօսութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Զրոյցը կը վարէր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Սարգիս Ճէպէճեանը:
  • Image
    APRI Armenia Fall Meeting
    «ԱՊՐԻ Արմենիա» աշնանային հանդիպում:
  • Image
    AGBU Young Professionals pay respects to a fallen soldier of the Artsakh War during group visit to Yerablur Military Pantheon
    Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդ Արհեստավարժները «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք կը մատուցանեն Արցախեան պատերազմին զոհուած զինուորներու յիշատակին:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 92-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 8 Հոկտեմբեր 2022-ին, մասնակցութեամբ 25 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 200 պատուիրակներու: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի Կեդրոնատեղիին մէջ, բարձրակէտն էր հինգ օր տեւած յայտագիրի մը, որ կ՚ընդգրկէր հիմնական միջոցառումներ. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հանդիպումը Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսին հետ, խմբային այցելութիւն «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ ամբողջ օրուան տեւողութեամբ համաժողով, մասնակցութիւն վերջերս հիմնուած «ԱՊՐԻ Արմենիա» Կիրառական Քաղաքականութեան Հետազօտական Հիմնարկի ձեռնարկին։ Ընդհանուր Ժողովի յարակից ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցան դասախօսութիւններ, ռազմավարական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ մշակութային շրջապտոյտներ: Այս ձեռնարկները Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պատուիրակներուն, անդամներուն եւ բարեկամներուն համար անմիջական շփումի առաջին կարելիութիւնն էր պսակաձեւ ժահրի պատճառով պարտադրուած երկար ընդմիջումէ ետք:

Նկատի ունենալով որ Հայաստանը կը գտնուի իր ազգային կենսունակութեան վրայ էապէս ազդող տարածաշրջանային կարեւոր զարգացումներու կեդրոնը, Երկամեայ Ընդհանուր ժողովը Հայաստանի մէջ գումարելու որոշումը կարեւոր իմաստ կը ստանար, որով ցոյց կը տրուէր Հայրենիքին եւ հայրենաբնակ մեր ազգակիցներուն զօրակցելու եւ աջակցելու Հ.Բ.Ը. Միութեան պատրաստակամութիւնը, մանաւանդ անորոշութեան եւ դժուարութիւններու այս հանգրուանին: Գիտակցելով կարգ մը զգայուն հարցերու, ինչպէս նաեւ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ գոյութիւն ունեցող պառակտումներու մթնոլորտը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ղեկավարութիւնը, բազմաթիւ առիթներով, միասնականութեան կոչեր ուղղած է, այդ միասնականութիւնը նկատելով մեր Հայրենիքի անկախութեան եւ կայունութեան ապահովման կարեւոր գործօն:

Հ.Բ.Ը. Միութեան 92-րդ Ընդհանուր ժողովի Կարեւորագոյն Իրադարձութիւններու Լուսարձակները

Աշխարհատարած մեր Շրջանակներէն եկած 250 պատուիրակներ եւ հիւրեր անձամբ ներկայ գտնուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի կողմէ ներկայացուող տեղեկագիրներուն եւ զեկուցումներուն: Միութենական պատուիրակութիւններ ժամանած էին Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Թաիլանտէն, Քաթարէն, Իրաքէն, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հինգ մայրցամաքներու համաշխարհային ցանցը ներկայացնող բազմաթիւ վայրերէ: Ի յաւելումն, հարիւրաւոր անդամներ եւ բարեկամներ, բազմաթիւ երկիրներէ, օրինակ Ուզպեքստանէն եւ Շուէտէն, առցանց հետեւեցան ժողովին: Պատուաւոր հիւրերու շարքին էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի նախագահ Տիար Վահագն Խաչատուրեանը, որոնք յատուկ այս առիթով հանդէս եկան ուղերձներով։ Ժողովին ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, ինչպէս նաեւ տեղական եւ միջազգային յարգարժան այլ հիւրեր։

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց ներկայ պահու լրջութիւնը եւ ստիպողականութիւնը, յայտնելով թէ վտանգուած է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ մեր Հայրենիքը կը դիմագրաւէ գոյութենական սպառնալիքներ, որոնք կախուած են հաւասարակշռութենէ: « Ասիկա դժուարին պայքար է, որ կը պահանջէ մեր ունեցած բոլոր լծակներուն, մասնագիտական կարողութիւններուն եւ առաւելութիւններուն լաւագոյնս ծառայեցումը ի պաշտպանութիւն մեր ազգի ազատ եւ անկախ գոյութեան իրաւունքին: Ասիկա կը նշանակէ թէ՝ մէկ կողմ պէտք է դնենք տարակարծութիւնները եւ կեդրոնացնենք մեր ողջ ներուժը առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու համար: Մենք չենք կրնար ըլլալ կողմնակալ, կամ վրէժխնդրութեան գերին դառնալ: Պէտք է միացնենք եւ գործի դնենք մեր միջոցները: Այս բոլորէն վեր կարեւոր է զարգացնել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ առողջ եւ փոխադարձ յարաբերութիւնները:»,- յայտարարեց Սեդրակեան, ով այս տարուան սկիզբը նշած էր իր նախագահութեան 20-ամեակը: Նախագահ Սեդրակեան աւելցուց. «Հակառակ այս բոլորին, այսօր ես կանգնած եմ այստեղ վստահութեամբ եւ հաստատակամութեամբ որ պիտի կարենանք յաղթահարել կործանիչ այս մտածողութիւնը՝ պարզապէս վերյիշելով, թէ ով ենք մենք։ Հազարամեակներու մէջէն անցած մեր ապրելու կամքը աննկուն է:», - յայտարարեց ան, արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Օրհնութեան եւ պատգամի խօսքին մէջ աղօթք բարձրացուց ի կոչ միասնականութեան եւ համերաշխութեան: Վեհափառ Տէրը խօսեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Միութեան հիմնադրումէն ի վեր երկու կառոյցներու համատեղ նախաձեռնութիւններուն մասին:

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Վստահեցնում եմ ձեզ, որ մեզ համար էական է, որ դուք այս վճռորոշ ժամանակներում չյետաձգեցիք Ընդհանուր Ժողովը եւ եկաք այստեղ: Ձեր ներկայութիւնը մեզ համար կարեւոր է, եւ «մեզ» ասելով նկատի ունեմ մասնաւորապէս Հայաստանի քաղաքացիներին եւ առաւել եւս Հայաստանի կառավարութեանը» ։

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կառոյցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գերմանիոյ նորաստեղծ Մասնաճիւղի համահիմնադիր Կէորկի Համբարձումեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Զիւրիխի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբի համանախագահ Էլիզապէթ Սթամպուլին, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մասնաճիւղերու եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի նորանշանակ Տնօրէնուհի Նաթալի Գաբրիէլեան ելոյթներու ընդմէջէն վերանորոգեցին իրենց յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը զօրաշարժի ենթարկուելու եւ գործելու ի շահ համայն հայութեան:

Երկամեայ Ընդհանուր Ժողովը վաւերացուց 2020-2021 տարեշրջաններու ընդհանուր նիւթական եւ բարոյական տեղեկագրութիւնները, որոնք բոլորն ալ կ՚արտացոլէին վերջին երկու բուռն տարիներուն հայութիւնը պատուհասած աղէտներու ընթացքին արձանագրուած նուիրատուներու, կամաւորներու եւ նոր ծրագիրներու շօշափելի աճը: Անցնող երկու տարիներուն Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ ձեռնարկուած բազմաթիւ համարձակ նախաձեռնութիւնները դրսեւորեցին Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ Սփիւռքի ունեցած հաւատքը եւ լայնածաւալ օգնութեան ճիգերը համակարգելու եւ աջակցելու կարողականութիւնը. աշխատանքներ, որոնք համաշխարհային համաճարակի, 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աւերիչ պայթումի եւ 2020-ի Արցախեան պատերազմի օրերուն իրենց ուսերուն վրայ կրեցին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի տեղական գրասենեակները:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 2022-ի Պարգեւատրեալներ

Իւրաքանչիւր Ընդհանուր Ժողովի յայտագիրներու ծիրին մէջ Միութեան որոշ կառոյցներ կը պարգեւատրուին իրենց ակնառու յաջողութեանց համար: Այս անգամ Կեդրոնական Վարչական Ժողովը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Նուիրեալ Ծառայութեան Մրցանակներ»ը որոշած էր յանձնել Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մոնթրէալի եւ Ուրուկուէյի Մասնաճիւղերուն, որոնք ծրագրաւորումի նորարար եւ մանրակրկիտ կիրարկման նախագիծեր մշակած էին, զարգացնելով իրենց համայնքները եւ ընդարձակելով իրենց գործունէութիւնները տեղական մակարդակի վրայ:

Պարգեւատրութեանց ընթացքին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երեւանի եւ Մատրիտի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերը՝ առ ի գնահատանք ճգնաժամերու, յատկապէս Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն երիտասարդ սերունդը զօրաշարժի ենթարկելու ուղղութեամբ գործադրած հիանալի ճիգերուն, նոյնպէս ստացան Նուիրեալ Ծառայութեան Մրցանակներ:Երիտասարդ Արհեստավարժներու համաշխարհային ցանցը, Երեւանի ԵԱ-ի համա-առաջնորդութեամբ,  մէկ ամսուան ընթացքին 84,000 ամերիկեան տոլար հանգանակեց մարդասիրական օգնութեան համար, իսկ Մատրիտի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդ Արհեստավարժները, օգտագործելով իրենց կապերը յայտնի լրագրողներու հետ, անոնց միջոցով հակազդած էին որոշ լրատուամիջոցներու կեղծ լուրերուն: Խումբը նաեւ նախաձեռնած էր լրագրողներու վերապատրաստման ծրագիր մը, օգնելու համար տեղական հայ լրագրողներուն ձեռք ձգելու գիտելիքներ պատերազմը արհեստավարժօրէն եւ անաչառ ձեւով լուսաբանելու, ինչպէս նաեւ կապեր հաստատելու միջազգային լրատու գործակալութիւններու հետ: Ծրագիրը այս ամառ աւարտեց իր երկրորդ շրջանը:

Միութեան պաշտօնէութեան անդամներ նոյնպէս յիշուեցան իրենց մատուցած երկարամեայ ծառայութիւններուն առիթով, արժանանալով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահի Մրցանակներուն, ինչպէս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայաստանի գրասենեակի ելեւմուտքի բաժնի Տնօրէնուհի Լենա Պաղտասարեանը, որ երկու տասնամեակներու տեւողութեամբ նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած է Հ.Բ.Ը.Մ-ին: Գնահատանքի յուզիչ յարգանքով մը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արցախի ծրագիրներու ղեկավար Սասուն Պաղտասարեան նոյնպէս արժանացաւ մրցանակի՝ առ ի գնահատանք Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերած իր անմնացորդ նուիրումին, մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն եւ յաջորդած ժամանակաշրջանին։

Վերջին պարգեւատրեալը եղաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գործադիր Տնօրէնուհի Անիթա Անսըրեանը, որ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական գրասենեակէն ներս իր 35-ամեայ ղեկավար գործունէութեան առիթով արժանացաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի բարձր գնահատանքին եւ խորին երախտագիտութեան: Նախագահ Սեդրակեան կանխատեսեց, որ թէեւ ան աւարտած է իր պաշտօնավարումը, սակայն վստահօրէն, որպէս կամաւոր ղեկավար, տակաւին երկար տարիներ պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնները: Ան աւելցուց. «Անոր ժառանգութիւնը կը պատկանի բոլոր համայնքներուն: Ահա թէ որքան հեռու եւ լայն է Անիթային ներկայութիւնը հայաշխարհէն ներս»: Սրտառուչ յարգանքի տուրքը ներկաներուն կողմէ ընդունուեցաւ բուռն եւ յոտնկայս ծափահարութիւններով, որոնք կը հաստատէին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի համաշխարհային ընտանիքին եւ հայաշխարհի համընդհանուր հիացմունքը Անիթա Անսըրեանի հանդէպ:

Հուսկ, երախտագիտութեան յուզումնալից արտայայտութեան վերջին անակնկալ պահուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ Սէմ Սիմոնեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահ Սեդրակեանին, 20-ամեայ իր նախագահութեան տարիներուն ցուցաբերած տեսլականին եւ ձգած ազդեցութեան համար, անդրադարձաւ այն դերակատարութեան որ ունեցած է ան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պատմութեան մէջ որպէս Նախագահ, ինչպէս նաեւ որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ մատուցած 25-ամեայ ծառայութիւններուն։

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի 2020-2021 տարեշրջաններու Երկամեայ Տեղեկագրին ծանօթանալու համար այցելեցէ՛ք https://agbu.org/financials կայքէջ:

Բաց Երկխօսութիւններու Քաջալերում

Ընդհանուր Ժողովի առաջնահերթութիւններէն մէկը ներքին եւ արտաքին հարցերու լուծումներով հետաքրքրուած տարբեր կողմերու միջեւ բաց երկխօսութեան քաջալերումն է: Այդ նպատակով ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին տարբեր աշխատաժողովներ, երկխօսութիւններ եւ քննարկումներ: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամները Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեցին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ապագայի տեսլականը եւ աշխարհացրիւ հայութեան աճող կարիքները բաւարարող ռազմավարութիւններու մշակումի հարցերը:

Իրենց կարգին, Երիտասարդ Արհեստավարժները մասնակցեցան ԵԱ-ի Գործադիր Յանձնախումբի ժողովին, քննարկելով համախմբումին համաշխարհային ցանցին տեսլականը, յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական նախապատուութիւնները, ինչպէս նաեւ ցանցին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծման արդիւնաւոր միջոցները:

Բաց Քննարկում Վեհարանի Մէջ Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Բաց քննարկումներու ծիրին մէջ կարեւոր էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում-զրոյցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Վեհարանի ընդունելութեանց սրահին մէջ: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Սարգիս Ճէպէճեանի հանդիսավարութեամբ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը անդամակցութեան համար հազուագիւտ առիթ մըն էր քննարկելու ազգային-եկեղեցական եւ հոգեւոր հարցեր, ինչպէս նաեւ հարցումներ ուղղելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ արտասահմանի Թեմերու հետ փոխյարաբերութեանց, եկեղեցւոյ մարդասիրական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն, մանաւանդ Մայր Աթոռի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի համատեղ իրականացուող ծրագիրներու՝ Տարեցներու ճաշարաններու եւ Հայորդեայց երեք տուներու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ 2020-ի Արցախեան պատերազմին եւ Արցախի կրօնական ժառանգութեան պահպանման ծրագիրներու գծով Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին։

Նախքան հանդիպումը, Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցները շրջած էին Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս եւ ապա՝ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, աղօթք բարձրացուցած էին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հինգերորդ նախագահ Ալեք Մանուկեանի, տիկնոջ՝ Մարի Մանուկեանի եւ դստեր՝ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երջանկայիշատակ միւս բարերարներու հոգիներու հանգստութեան համար։

«ԱՊՐԻ ԱՐՄԵՆԻԱ» Աշնանային Հանդիպում

Տարեմուտին Հ.Բ.Ը.Միութիւնը հիմնած էր Հայաստանի Կիրառական Քաղաքականութեան Հետազօտական Հիմնարկը (APRI Armenia), որպէս անկախ, անկուսակցական վերլուծական եւ քաղաքականութեան մշակումի հաստատութիւն մը, որ կեդրոնացած է Հայաստանի տարածաշրջանային կայունութեան եւ հաստատուն բարգաւաճման յառաջխաղացման հարցերու վրայ: Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած «ԱՊՐԻ ԱՐՄԵՆԻԱ» աշնանային ժողովը Հ.Բ.Ը. Միութեան պատուիրակներուն, հրաւիրեալներուն եւ լրատու միջոցներուն համար կազմակերպեց լսարանային քննարկումներու ամբողջ օր մը. այդ քննարկումները կարեւոր նշանակութիւն ունին Հայաստանի քաղաքական մշակոյթի փոխակերպման համար:

Այս համապարփակ համաժողովը հիւրընկալած էր Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններու, Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի տարբեր կառոյցներու, անկախ վերլուծական կեդրոններու, տեղական եւ միջազգային համալսարաններու եւ յարակից առաքելութիւններ ունեցող հասարակական կազմակերպութիւններու խօսնակներ, փորձագէտներ եւ վերլուծաբաններ:

Համաժողովը անդրադարձաւ զգայուն նիւթերու, որոնք են՝ ինչպէս զարգացնել նոր մտածելակերպը ղեկավարութեան եւ քաղաքականութեան մէջ, Հայաստանի մէջ որոշում ընդունողները ինչպէ՞ս կրնան կողմնորոշուիլ անորոշ ժամանակներու մէջ, ի՞նչ ստոյգ դեր կրնայ ունենալ Սփիւռքը Հայաստանի ընկերային-տնտեսական ողջ ներուժը բացայայտելու գործին մէջ, երկրի արեւային ուժանիւթի եւ կանաչ ենթակառուցուածքներու զարգացման հեռանկարները, 2020-ի Արցախեան պատերազմի պատճառով յառաջացած ծանր մարտահրաւէրներու յաղթահարման միջոցները։ Համաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի անկայուն եւ արագօրէն փոխուող անվտանգութեան միջավայրին, արտաքին քաղաքականութեան նպատակները վերաիմաստաւորելու անհրաժեշտութեան եւ չլուծուած հակամարտութիւններու պատճառով Հայաստանի առջեւ ծառացած երկարաժամկէտ վտանգներուն: Ամբողջ օրուան տեւողութեամբ ընթացած այս հանդիպումը «ԱՊՐԻ ԱՐՄԵՆԻԱ»-ի հիմնադրումէն ի վեր քննարկումներու երկրորդ լայնածաւալ հանգրուանն էր, իսկ հետագայ աշխատաժողովները եւ համաժողովները տեղի պիտի ունենան 2023ին։

YP Connect Իրադարձութիւն

Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներուն նուազագոյնը կէսը կը ներկայացնէին Երիտասարդ Արհեստավարժներու աշխարհասփիւռ խումբերը, որոնք բազմաթիւ եղանակներով վերամիաւորուելու եւ քննարկումներու մասնակցելու պատեհութիւնը ունեցան: YP Connect միջոցառման ծիրին մէջ, Երեւանի Երիտասարդ Արհեստավարժները 120 Երիտասարդ Արհեստավարժներ հրաւիրած էին քննարկելու իրենց աշխարհատարած ցանցը հզօրացնելու միջոցները: Հրաւիրուած էին զեկուցաբերներ եւ խօսնակներ, որոնց շարքին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնաւոր եւ պետական յառաջադէմ առաջնորդներ: Քննարկման մասնակիցներն էին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Քամիլիօ Ազզուզը, Փարիզի փոխ-քաղաքապետ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Եւրոպայի ժամանակաւոր Տնօրէնուհի Անուշ Թորանեանը, Հայաստանի Ելեւմուտի փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեանը, Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ-նախագահ Յովհաննէս Խաչատրեանը եւ SoloLearn-ի համահիմնադիր եւ Գործադիր Տնօրէնուհի Եւա Հիւսեանը: Բովանդակալից քննարկումը տարբեր նիւթեր արծարծեց՝ տնտեսական դիւանագիտութիւնէն մինչեւ փոփոխութիւններ իրականացնելու նպատակով հայկական եւ ոչ հայկական շրջանակներու միջեւ վաւերական ցանցեր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը եւ կերպերը:

Մինչեւ տարեվերջ, ԵԱ աշխարհատարած խումբերը YP Connect հովանիին ներքոյ տեղւոյն վրայ պիտի կազմակերպեն մասնագիտական ​​ցանցային միջոցառումներ, կառուցելու, ամրապնդելու եւ պահպանելու համար հայրենակից մասնագէտներու հետ վստահութեան յարաբերութիւնները:

Մշակութային եւ Հոգեւոր Միջոցառումներ

Շաբաթուայ ընթացքին պատուիրակները մասնակցեցան կարգ մը բովանդակալից միջոցառումներու եւ այցելութիւններու: Մատենադարան կատարուած այցելութեան ընթացքին պատուիրակները ծանօթացան գեղանկարիչ Ժան Պօղոսեանի ստեղծագործութիւններուն, ներկայ գտնուեցան «Հովեր» պետական ​​սենեկային երգչախումբի եւ Վահագն Հայրապետեանի ճազ երաժշտութեան եռեակի մասնակցութեամբ «Համերաշխութեան համերգ»-ին, որ տեղի ունեցաւ «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ: Բացի այդ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ վասն Հ.Բ.Ը.Մ.-ի բարերարներու, ինչպէս նաեւ անցնող երկու դժուարին տարիներուն իրենց կեանքը կորսնցուցած անդամներու հոգիներու հանգստութեան:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կատարուած այցելութեան նոյն օրը պատուիրակները բարձրացան Երեւանի «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցանեցին զոհուած հայ հերոսներու յիշատակին, որոնք իրենց թանկագին կեանքը զոհաբերած էին յանուն Հայրենիքի: Օրուայ աւարտին խումբը այցելեց Երեւանի Մալաթիա թաղամասին մէջ գտնուող Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայորդեայց Կեդրոն, ծանօթանալու շինարարական աշխատանքներուն, ուր կրքոտ եւ եռանդով ելոյթ ունեցան պատանիները: Ներկաները բնականաբար չէին կրնար չյուզուիլ եւ դարձեալ իրենց չնուիրել այս երիտասարդ սերունդին:
 

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեան նշեց. «Այսօր Հայաստանը դարձեալ լուրջ եւ գոյութենական սպառնալիքներու առջեւ կը գտնուի: Հ.Բ.Ը.Մ.-ը դարձեալ պատրաստ է եւ յանձնառու է ստանձնելու իր ազգային պարտականութիւնները, դիմակայելու համար այդ մարտահրաւէրները: Բայց մեզ պէտք է միասնութիւն մեր մէջ եւ համերաշխութիւն մեր ընկերներու կողմէ։ Մենք կրնանք համերաշխութիւն յայտնել գալով Հայաստան, գործելով Հայրենիքի մէջ, աշխուժացնելով մեր ցանցը Սփիւռքի մէջ եւ մեր միջոցներն ու տաղանդները խելամիտ ձեւով ներգրաւել եւ, վերջապէս, զանոնք կամրջելով Հայրենիքի մէջ ունեցածներու հետ: Ես խորապէս յուզուած եմ, որ դուք այսօր այստեղ կը գտնուիք եւ աւելի քան երբեւէ կը հաւատամ թէ՝ «Միութիւնը Զօրութիւն է»: